2013-10-26 09:28:01

''Ընտանիք ապրէ հաւատքի ուրախութիւնը''` Ընտանիքներու ուխտագնացութիւնը սուրբ Պետրոսի դամբանին։


Շաբաթ 26 եւ կիրակի 27 հոկտեմբերին, Հաւատոյ տարուայ ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ Քահանայապետական Ընտանիքի Խորհուրդին, տեղի ունեցաւ երկօրեայ ընտանիքներու ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբան, ՝՝Ընտանիք ապրէ հաւատքին ուրախութիւնը'' բնաբանով։
Երկօրեայ ուխտագնացութեան ընթացքին նախատեսուած են ուրախ համակեցութեան պահեր եւ յատուկէն երիտասարդներուն վերապահուած ''Ներկայացուր քու ընտանիքդ Ֆրանչիսկոս Պապին'' խորագրով երեք ձեռնարկներ ։
Առաջին ձեռնարկը վերապահուած է 3-12 տարեկան մանուկներուն, որոնք հրաւիրուած են ընտանիքի մասին գծագրութիւններ պատրաստել որ ապա պիտի ներկայացուին Ֆրանչիսկոս Պապին։
Երկրորդ ձեռնարկը` 13-18 տարեկան պատանիներ, պիտի սատարեն պատրաստելու ուխտագնացութեան բեմադրութիւնը, պատկերներ հրատարակելով թեմերու արդի ընկերային հաղորդամիջոցներու էջերուն մէջ։
Իըկ երրորդ ծրագիրի խորագիրն է ՝՝Ընտանիքին ձիրքերը՝՝ որ ուղղուած է երիտասարդ երգիչներու եւ դերասաններու որոնք հրաւիրուած հրատարակելու` ընտանիքին նուիրուած արուեսկատակն գործեր եւ յատուկ երգեր ։

Նշենք թէ Ընտանիքներու Սուրբ Պետրոսի դամբանին ուխտագնացութիւնը սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 2.00 ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վըայ , շարք մը խորհրդածութիւններով եւ երաժշտական յայտագիրով։
ՈՒխտագնացութիւնը վերջ պիտի գտնէ կիրակի 27 հոկտեմբերին, Հանդիսաւոր սուրբ պատարագով Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։
Նորին սրբութիւնը նոյն վայրէն պիտի արտասանէ
Նաեւ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.